| |
Այլեվս
Ամչցէք...
Lragir 25/09/09
Այո
ժողովուրդ,
բառին
բուն
իմաստով
թող
ամչնան:
Թող
ամչնան,
որովհետեւ
իրենք՝
հաւանօրէն
աշխարհասփիւռ
Հայութեան
յոյսն
ու
պաշտպանը
ներկայացնող
Հայաստանի
ներկայ
իշխանութիւնները,
անգիտակցաբար
կը
նպաստեն
հակահայ
քաղաքականութեան
եւ
զայն
աջակից
կ՛ըլլան:
Թող
ամչնան,
որովհետեւ
իրենց
անձնական
շահերն
ու «առասպել»
դառնալու
միտումները
կը
գերադասեն
ազգային
պետական
շահերուն:
Թող
ամչնա՛ն,
որ
իրենք,
սահմանի
բացման
համար՝
որը
անօրէնութեամբ
փակուած
էր
Թուրքիոյ
կողմէ,
միակողմանի
եւ
ի
նպաստ
Թուրքիոյ
ազգային
շահերուն
զիջումներ
կ՛ընեն:
Թող
ամչնա՛ն,
որ
Հայաստանի
մէջ
21-րդ
դարին
տակաւին
կան
մարդիկ,
նաեւ
քաղաքական
գործիչներ
որոնք
հրապարակաւ
եւ
յամառօրէն
կ՛ընդունին
ներկայիս
Հայաստանի
եւ
Թուրքիոյ
սահմանները:
Թող
ամչնա՛ն,
որովհետեւ
արդէն
կասկածի
ու
տարակոյսի
տակ
դրած
են
Հայոց
ցեղասսպանութիւնը՝
այդ
արձանագրութիւններուն
մէջ
գլխաւոր
եւ
հիմնական
տեղ
գտած
հայտնի «պատմական
իրադարձութիւնները
ուսումնասիրելու»
միջկառավարական
հանձնաժողովի
ստեղծմանը
համաձայնելով:
Այլեւս
ամչցէ՛ք,
որ
մի
քանի
ամսուան
ընթացքին
ջուրի
պէս
կը
շոգիացնէք
Հայ
դատի
տասնամեակներ
տեուած
յաջողութիւնները
եւ
կը
խափանէք
ու
կը
դժուարացնէք
Հայ
Դատի
եւ
մեր
իրաւունքներու
միջազգային
հետապնդումը:
Լսեցէ՛ք
Հայ
ժողովուրդին,
սփիւռքահայութեանը
եւ
Հայ
Դատը
հետապնդող
կազմակերպութիւններու
զայրոյթին,
եւ
մի՛
բաւարարուիք
միջազգային
հանրութեան՝
մանաւանդ
ԱՄն-ի
Ֆրանսայի
եւ
Րուսիոյ
դրական
արձականքներուն:
Այլեւս
սկսածենք
նախանձիլ
թրքական
քաղաքականութենէն,
իսկ
զզուիլ
ու
հիասթափուիլ
վերջերս
մեր
նոր
իշխանութեան
արտաքին
քաղաքականութենէն:
Զայրացած
ու
հիասթափուած
է
ամբողջ
սփիւռքը:
Զայրացած
է
այն
հայը՝
որու
մօտ
առաջնային
է
ազգային
շահը
ու
պահանջատէր
է
Թուրքիոյ
նկատմամբ:
Իսկ
անբարոյ
է
այն
հայը,
որ
ազգային
շահերը,
մեր
հողային
պահանջը,
Ղարաբաղի
անկախ
Հանրապետութիւնն
ու
մեր
անկեղծ
ժողովուրդի
արժանապատուութիւնը
վաճառականութեան
առարկայ
կը
դարձնել:
Ասպետ
Հարմանտայեան |