|
||
|
|
Գլխավոր Մեր Մասին Հայտարարություն Հարցազրույց Ելույթներ Հոդվածներ Լուրեր Ասուլիսներ Կապ | |
|
Հ Ա Մ Ա Ր Ա Տ Ւ ՈՒ Թ ԻՒ Ն 2010Թ. ՅՈՒՆՈՒԱՐ 22-Ի ԲԱՆԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐՍԷՅԼԻ Հ.Բ.Ը.Մ ՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ ՋԱՒԱԽՔԸ ՃԳՆԱԺԱՄԻՆ ՄԷՋ
Այդ երեկոյ շուրջ 60 հոգի հաւաքուած էին, որոնք եղբայրական ջերմութեամբ ընդունեցին պարոն Ա.Աբրահամեանը եւ տիկին Սեդա Մարտոյեանը: Օր. Աննա Մարտիրոսեան լաւագոյնս ամփոփեց օրուան խնդիրը’ յետադարձ ակնարկ մը կատարելով ՋԱՒԱԽՔԻ մէջ մեր հայրենակիցներու վիճակը ներկայացնելով, եւ ինչ որ է այսօր: Ան յիշեցուց ներկաներուն Ջաւախքի հայերու բնաշխարհիկ ըլլալու հանգամանքը, եւ այս երկրամասի նուիրումը Վրաստանին, որ արդիւնքն էր Ստալինի կամայականութեան: Ես անձնապէս շնորհաւորեցի զինք իր ներածական խօսքին եւ այն ջանքերուն համար, զոր ան ի գործ դրաւ դասախօսութեան սկիզբը, գրաւելով ներկաներուն համակ ուշադրութիւնը. մէկ խօսքով ան ՀՐԱՇԱԼԻ էր: Բանավէճերու ընթացքին պրն. Ա.Աբրահամեան իրաւացիօրէն շեշտը դրաւ այն կարեւորութեան վրայ, որ հնարաւոր եղաւ դիմել եւ հրաւէրք ստանալ ՀԲԸՄ-ի կողմէ, քանի որ Պողոս Նուբար փաշան ինք իսկ ազատ եւ անկախ Արեւմտեան Հայաստանի պաշտօնական ներկայացուցիչն էր 1919-1920թթ.: Բանախօսութեան սկիզբը պրն. Ա.Աբրահամեան հակիրճ բացատրութիւններ տուաւ Հայ Ազգային Խորհուրդի պատմութեան եւ անոր անդամներու վերաբերեալ’ նշելով, որ Ջաւախքի մէջ Հայ Ազգային Խորհուրդը ստեղծուած է 2008թ., ինչպէս եւ, շեշտը դնելով ամէնէն կարեւորի, Արեւմտեան Հայաստանի հայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան վրայ: Բանախօսները, ի մասնաւորի, կը կարեւորէին արտայայտուելու եւ պաշտպանուելու կարողութիւնը, նշելով, որ հայ ժողովուրդի ոգին կտրելու ցանկութիւնը, աւաղ, նորութիւն մը չէ, եւ որ Արեւմտեան Հայաստանը, Արցախը, Ջաւախքը այս պարսաւելի ,,լռեցման,, փորձի շարունակականութեան օրինակներն են: Եւ մենք պէտք է դիմագրաւենք զայն Ֆրանսայի մէջ հաւասարապէս: Տեսերիզ մը կը ներկայացնէր Ջաւախքի այժմէական իրավիճակը: Մենք ականատեսը եղանք մեր եկեղեցիներու, մեր խաչքարերու ինքնակամ քայքայմանը, այն հոգեբանական կացութեանը, որուն մատնուած են մեր հայրենակիցները, որոնցմէ շատեր կ’անգիտանային նոյնիսկ, թէ ովքեր են իրենք: Այլոց համար կացութիւնը բոլորովին հակառակն էր. ծերունի մը կը բացականչէր. ,, Այս հողը հայկական է, ի՞նչ կ’ ուզես, հայ եմ,, - նախապատւութիւնը տալով անհատական ինքնութեան գիտակցութեանը: Մշտապէս կը խօսինք թուրքերու կողմէ հայոց ցեղասպանութեան մասին, սակայն յաճախ կը մոռնանք յիշեցնելու Վրաստանը, որ աւերածութիւններ կը գործէ Ջաւախքի մէջ, թէ՛ հողային, եւ թէ՛ մարդկային: Տարբեր ժամանակաշրջաններէն վկայութիւններ բերող այս պատկերները իրենց լիարժէք տեղը կը գտնէին պատմական այս ժապաւէնին մէջ: Պէտք է խոստովանիմ անգամ մը եւս, որ խոր կսկիծ մը պատեց ներսիդիս … ցաւ մը մեր սուրբ քարերուն համար, զորս կարծես արգելափակուած’ գլխաւոր փողոցներու հասարակ քարերու կարգին էին, անցորդներու անտարբերութեան ներքոյ: Ո՞վ կը հասկնայ, որ պէտք է պաշտպանել ու պահպանել նուիրականը: Հարկաւոր է հաստատել, որ այս արուեստի շնորհիւ (քարի վրայ աշխատանքը, խաչքարերը եւ վիշապաքարերը), մենք կրնանք գիտականօրէն ապացուցել, թէ մենք իրապէս առաջին ժողովուրդն ենք այս հողին վրայ, քանի որ հոս ենք Ք.ա. 5000 տարիէ ի վեր: Հայ Ազգային Խորհուրդի անդամ, պրն. Սամուէլ Կարապէտեանի աշխատանքը շատ կարեւոր նշանակութիւն ունի այս առնչութեամբ, քանի որ իր կատարած գործը ոչ ոք մինչեւ օրս իրագործեց: Ան տեղւոյն վրայ կը ցանկագրէ եւ կը լուսանկարէ մեր ժողովուրդի գոյութեան հետքերը Ջաւախքի եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, այն ամէնը, զորս գիտական ու տեսողական առաւել ապացոյցներ են: 1830թ. պատմական ակնարկով մը ապացուցուեց, թէ ինչպէս Վրաստանի կառավարութիւնը կը փորձէ քաջալերել Ջաւախքի հայերու ,,ոչ բնաշխարհիկ,, ըլլալու դրոյթը’ յառաջ բերելով այն վարկածը, թէ կարինցիներու տեղափոխութեան արդիւնք է Ջաւախքի հայերու գոյութիւնը: Արդ, երբուընէ՞ ի վեր է, որ ժողովուրդի մը տեղաշարժը իր սեփական հողին վրայ, այսինքն, մէկ շրջանէն միւսը, պիտի փաստէր իր ոչ բնիկ ըլլալը: Աւելին, պրն. Աբրահամեան, որ յաճախ Ջաւախք կը գտնուի, կը հաստատէ այն իրողութիւնը, որ Ջաւախքի մեր հայրենակիցները, խօսելով արեւմտահայերէն եւ, այսպէսով պահպանած ըլլալով իրենց լեզուաբանական արմատները, մեզ համար իրարհասկացողութեան արգելքներ գոյութիւն չեն ունենար, որով կրնանք օգնել զանոնք’ անարատ հիմքերուն վրայ գոյատեւելու: (Որոշ գիւղերու մէջ վրացերէնը ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԵԱՄԲ անծանօթ է: Կը նշանակէ ձուլման իրական մերժում մը գոյութիւն ունեցած է մարդկանց մէջ այս հողամասին վրայ): Մենք հաղորդ դարձանք աւանդական մշակոյթի դրսեւորումներուն: Նշուեցաւ, որ թէեւ հաշուագրում կատարելու ծրագիր մը գոյութիւն ունի, բայց պէտք է անդրադառնալ նաեւ, որ արուեստի իւրացումը ինքնին եւս իր կարեւորութիւնը ունի, որով աշխատանքի կերպերը, ինչպէս օրինակ քարը տաշելու աշխատանքը, արուեստը, նոյնքան կարեւոր է ինքնութեան յատկանիշները ապացուցելու համար: Մենք բոլորս, իրօք, ինքնութեան պատկանելիութեան գիտակցութիւնը ունեցանք, բայց ունենալով մէկտեղ, զայն հաստատելը արուեստի հնարքով, բոլորովին ուրիշ բան է: Կարեւոր եղելոյթ մը այս բանախօսութեան ընթացքին խորը լռութեան մատնեց Ֆրանսահայ Ուսանողաց Ընդհանուր Միութեան ուսանողներուն: Մենք տեսանք Թիֆլիսի, Խոջիվանքի գերեզմանատուներու վիճակը’ բահերով քարուքանդ եղած: Ոսկերոտին բաց երկնքի տակ … ի՞նչպէս հակազդել այս պատկերներու դէմ յանդիման գտնուելով’ գիտնալով, որ այս գերեզմանատան մէջ Րաֆֆին թաղուած էր: Ի՞նչպէս կրնանք թարգմանել, ընթերցել իր գրուածքները եւ Վրաստանի պետութեան թոյլ տանք իրագործելու այս բարբարոսական աւերածութիւնը: Մենք իրաւունք ունինք մեզ պաշտպանելու այս քանդումէն: Եւ արդ, ի՞նչպէս պէտք է հասկնանք ոմանց լռութիւնը, չհակազդելը: Թուրքերը կը սպաննեն, վրացիները կը քանդեն, պաշտպանենք զմեզ: Ուսանողներուն եւ ներկաներուն պարզաբանում մը տրուեցաւ սեփականութեան ապացոյցներու վերաբերեալ: Իրօք, ի՞նչպէս կրնայինք ապացուցել մեր հողերու եւ մեր ստացուածքի սեփականութիւնը’ չ’ունենալով ստացուածքի փաստաթուղթերը: Շատ պարզ կերպով, քանի որ մենք ունինք պատմական իրաւունքներ, որովհետեւ մենք միակ ժառանգորդներն ենք մեր հայրենիքի: Եւ մեր իրաւունքները արժանաւորել կարենալու համար մէկ ճանբայ կայ միայն. Գոյութիւն ունենալ որպէս ժողովուրդ մը: Մեր ժողովուրդին պատկանելիութիունը հաստատելով մենք գոյութիւն կ’ունենանք որպէս հաւաքականութիւն մը, եւ ոչ իբրեւ անհատ: Այս կերպ, ահաւասիկ, կարելի է միջազգային իրաւունքի չափանիշները հայրենիքի, ստացուածքի եւ սեփականութեան վերաբերեալ ի սպաս դնել մեր շահերուն: Այսպէսով մէնք հասանք բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներուն, քանի որ մենք հայ ժողովուրդի վերակազմաւորման շէմին կը գտնուինք, ոչ ոք կրնայ զայն իրագործել մեր փոխարէն: Բացատրելու համար Արեւմտեան Հայաստանի հայերու համագումարի եւ անոր աշխատանքի կարեւորութիւնը, հրաւիրեալներուն ցոյց տրուեցաւ մեր ներկայացուցչի վերջին ելոյթին տեսերիզը ՄԱԿ-ի շրջանակէն ներս (թրքական կառավարութեան պատգամաւորի ներկայութեան), որը գերեց եւ հիացրեց մասնակիցներուն: Ան բացատրեց ներկաներուն, որ շատ յաճախ ոմանք մեզ յանիրաւի ծայրայեղականներ կը որակեն… Բայց եթէ մենք մեր իրաւունքները կիրարկող ըլլայինք եւ ոչ այլոց, իրաւական տեսակէտէն, նման որակումներով չէինք մեկնաբանուեր: Այս յստակ բացատրութիւններու շնորհիւ եւ տեսերիզի վկայութեան հիման վրայ ամբողջ երկդիմութիւն մը կարելի եղաւ ջնջել: Արդ, ի՞նչ տարբերութիւն կայ ազգային փոքրամասնութեանց եւ բնիկ ժողովուրդներու միջեւ: Պարզապէս առաջինի պարագային իրաւունքը կիրարկելի է անհատի մը, անձի մը համար, եւ ոչ հաւաքական նպատակի համար: Ամբողջ տարբերութիւնը, միանգամայն յստակ է, որ միջազգային իրաւունքներու հանգամանքն է: Եւ այս պատճառով է, որ անհրաժեշտ է ի մի բերել այն ամէնը, զորս կը կազմէ մեր էութիւնը, ինչ որ ենք մենք: Եւ հոս հարց մը կը յառաջանայ. Ո՞վքեր ենք մենք. ծագումով հայ ֆրանսացի, թուրք կամ վրացի փոքրամասնութի՞ւն… Բանախօսութեան երկրորդ մասը կը վերաբերէր Ջաւախքի այժմու իրավիճակին եւ առկայ մարդկայնական ճգնաժամին: Բժշկուհի տ. Սեդա Մարտոյեան բացատրեց ներածականով մը, թէ ինչպէս հանդիպած էր ՀԱԽ-ի անդամներուն, հիւանդանոցներու մէջ մեր հայրենակիցներուն տրուելիք բժշկական խորհրդակցութիւններու ծրագրի մը շնորհիւ: Ան դէմ յանդիման գտնուած է բազմաթիւ խնդիրներու եւ յաճախ օգնած է իր եղբայրակիցներուն’ անոնց համար թարգմանութիւններ կատարելով: Մենք տեղեկացանք, որ առողջութեան իրաւունքը սահմանուած է ՄԱԿ-ի մէջ եւ այս իրաւունքը առաջին անգամ որպէս ՀԻՄՆԱԿԱՆ իրաւունք ընդունուած է 1946թ.: Բոլոր մարդիկ իրաւունք ունին բաւարար մակարդակի վրայ կեանքի մը, զոր համընդհանուր է բոլորին համար, հետեւաբար մարդիկ իրաւունք ունին առողջութեան, եւ պետութիւնները պարտաւոր են երաշխաւորելու, ապահովելու այդ իրաւունքը: Արդէն իսկ, յատուկ օրէնք մը գոյութիւն ունի բնիկ ժողովուրդներու եւ իրենց առողջութեան իրաւունքի վերաբերեալ: Մեր խորհրդածութիւններու մէջ կարգ մը կարեւոր բառեր պէտք է ծառայեցուին որպէս հիմք, այսպէս օրինակ. տրամադրուածութիւն, դիւրամատչելիութիւն, որակ, պարտաւորութիւններ, յարգանք, պաշտպանութիւն, գոհունակութիւն, բաւարարութիւն… Բաւականաչափ բառապաշար, բժշկական ու առողջապահական մանրամասն բացատրութիւններ տալու համար մեզ: 2009թ. տեղական կառավարութիւնը ՀԱԽ-ի կողմէ պատրաստուած հարցախոյզ մը կատարած է Ջաւախքին մէջ : Իրավիճակը տագնապալի է: Կապ գոյութիւն չունի բժշկական տարբեր կէտերուն միջեւ, հաղորդակցութիւն չկայ շտապ օգնութեան պարագային, կեցութեան պայմաններու անկում, բժշկական-առոռջապահական ողբալի իրավիճակ… Որոշ հատուածի մը համար տրուեցան մանրամասն բացատրութիւններ: Ընդհանուր առմամբ հաստատուած է, որ ճամբաները իրականութեան մէջ դժուար երթեւեկելի են եւ երբեմն 5 ժամ պէտք կ’ըլլայ’ ծառայութեան մը հասնելու համար…ի միջի այլոց պէտք է գիտնանք, որ Հայաստան հասնելու համար գրեթէ նոյնքան ժամանակ կը պահանջուի’ այսինքն 3 ժամ: Բժշկա-առողջապահական կացութեան վերաբերեալ կատարուած ուսումնասիրութիւնները կը պատասխանէին կարգ մը հարցերու, ինչպէս օր. խորհրդակցութեան, մահացութեան, եւ հիւանդանոց տեղաւորելու: Իսկ վեր հանուած փաստերը այս առնչութեամբ ապշահար դարձուց ներկաներուն ... Սիրտ-անոթային հիւանդութիւններ, թոքախտ, սիտա, լերդատապ (պէտք է նկատի առնել երկրամասի խոնաւութիւնը, տուներու եւ գետիններու վիճակը եւ այլն): Շրջաններու իրավիճակը առանձին առ առանձին նկարագրուեցան: Եթէ գոյութիւն ունին հաստատութիւններ’ անձնակազմ չկայ, իսկ եթէ անձնակազմ կայ, ապայ ապրանքներու պակասը կայ, եւ որոշ տեղեր ոչինչ կայ, ո՛չ շէնք, ո՛չ մարդ, ո՛չ ալ առարկայ: Հետեւաբար կու գանք այն եզրակացութեան, որ իրապէս ամէն ինչ վերստին պէտք է ձեռնարկուի, ու մենք չենք կրնար մեր ժողովուրդի մէկ մասը ճամբու եզրին թողուլ: Մասնաւոր քննութեան նիւթ դարձաւ ծննդաբերական սպասարկութիւններու հարցը … պէտք է գիտնալ, որ ըստ վիճակագրութեան, ծնունդներու տոկոսը չափազանց բարձր է, եւ որ գլխաւոր ծննդաբերական կեդրոնը կը գտնուի Թիֆլիս … պատկերացուցէք յղի կնոջ մը վիճակը, թէ ինչպէս պիտի յաջողուի իրեն Թիֆլիս հասնիլ, երբ ճանապարհային արգելքներ կան, ո՞րքան ժամանակի կը կարօտի առանց հիւանդատար կառքի, ոչ ալ ծննդաբերութեան որակաւոր անձնակազմի: Ինչպէ՞ս ապահովել Ասպինզայի 500 ընտանիքներու անվտանգութիւնը (որ ինքնին 5000 բնակչութիւն կը ներկայացնէ), մանաւանդ, որ անոնք ԲԱՑԱՐՁԱԿԱՊԷՍ ՈՉԻՆՉ ունին եւ առողջապահական ողբալի կացութեան մէջ կը գտնուին: Բանախօսութեան աւարտին զրոյց-վիճարկում մը տեղի ունեցաւ, ի մասնաւորի ծանրանալով քաղաքական, պատմական, իրաւաբանական ու առողջապահական հարցերու շուրջ, եւ որ շարունակուեցաւ ուսանող երիտասարդներու կողմէ ջերմ հիւրասիրութեամբ մը: Սքանչելի երեկոյ մըն էր’ իր զանազան երեսակներով, եւ պիտի ուզէի դրուատել այս առթիւ ելոյթ ունեցողներու որակը, իսկ երիտասարդները, որոնք աննկարագրելի ոյժի տէր են, գիտութեան ու ընկալման ծարաւով լեցուն, որոնք մեր ժողովուրդի ներուժն են: Մեծապէս շնորհակալ պիտի ըլլանք Ֆրանսահայ Ուսանողաց Ընդհանուր Միութեանը, որով կազմակերպեցին այս երեկոն’ ինծի համար ալ առիթ ընծայելով բաժնեկցելու զարգացման նման հոյակապ պատեհութեան:
Տ. ԱՒԱՆԷՍԵԱՆ-ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Արեւմտեան Հայաստանի Հայերու Համագումարի պատուիրակ western-armenia.eu 24.01.10
|
||
azadakrum.org©
Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են:
Կայքում արտահայտված կարծիքները պարտադիր չէ, որ համընկնեն azadakrum.org©
կայքի
խմբագրության տեսակետի հետ: