|
||
|
|
Գլխավոր Մեր Մասին Հայտարարություն Հարցազրույց Ելույթներ Հոդվածներ Լուրեր Ասուլիսներ Կապ | |
|
ԱԼԵՔՍԻ ԿԷՕՎՃԵԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ՋԱՒԱԽՔԻ ՇՈՒՐՋ ԲԱՆԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՋՆՋՈՒՄԸ ՁԱԽՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԱՏՆՈՒԱԾ
Անցեալ տարուայ նոյեմբերին էր, երբ Հայ Ուսանողաց Միութեան նախագահուհին պարոն Արմենակ Աբրահամեանի հետ կապի մէջ մտաւ Ջաւախքի հայութեան վերաբերեալ բանախօսական երեկոյ մը կազմակերպելու համար: Պրն. Ա. Աբրահամեանի պատասխանը դրական էր, որովհետեւ այդ միակ կերպն էր Ֆրանսայի հայ երիտասարդներուն հաղորդ դարձնելու Ջաւախքի հայոց իրաւունքներու իրավիճակին: Ուստի անմիջապէս որոշուեցաւ լուսանկարներու ցուցադրութիւն մը իրականացնել’ նուիրուած Ջաւախքի հայերու առօրեային, եւ որ շատ կարճատեւ ժամանակամիջոցին փոխանցուեցան Ջաւախքի Հայ Ազգային Խորհուրդին կողմէ: Նմանօրինակ ձեռնարկի մը պատրաստութեան համար յատկացուած ժամերը, տարուած աշխատանքները, եւ ի մասնաւորի այն շարժառիթը, որով Մարսէյլի երիտասարդութիւնը մղած էր բան մը աւելի գիտնալու եւ տեղեկացուելու մարմաջով, թէ ո՞ր տարողութեամբ ժողովուրդի մը ճգնաժամային վիճակը կարելի է բարւոքել, լուծման եզրերը գտնել, բնաւ մտահոգութեան պատճառ չեն եղած Ալեքսի Կէօվճեանին համար, որ կ’որոշէ ջնջել բանախօսական երեկոն’ Հայ Ազգային Խորհուրդի անդամ Արմենակ Աբրահամեանին զրպարտելով: Երիտասարդաց դիմադրութիւնը ուժեղ էր, որ պէտք է դրւատել, առաւել քան ուժեղ այն հրամանը, որ կ’արժեզրկէր Արմենակ Աբրահամեանը’ անտեսելով անոր փորձառութիւնն ու հմտութիւնը իբրեւ մարդկային իրաւանց համար մարտնչող, Ջաւախքի հայերուն ի նպաստ ներգործելով: Եղելոյթը ինքնին ժողովրդավար հիմունքի ամբողջական բացակայութիւնն էր, միաժամանակ’ անհատի ազատօրէն արտայայտուելու իրաւունքի ոտնահարումը: Ջաւախքի շուրջ բանախօսութեան ջնջումը ձախողանք մը եղաւ Ալեքսի Կէօվճեանին համար, եւ, բնականաբար, այլ կերպ պիտի չ’ստացուէր, որովհետեւ իրենց ազգին կառչած մնալու հայերու ամրութիւնը աւելի զորաւոր է, քան զրպարտող, դաւադրական ու ցեղապաշտական մեկնաբանութիւնները, աւելի քան ուժեղ անձը ֆիզիքապէս վերացնելու ջանքերէ, բան մը, զորս ի գործ դրուած էր, բայց դասը չէ սորված ըստ երեւոյթին: Եթէ շունչը բառ կը գոյացնէ եւ բառը արտայայտութիւն, ապայ արտայայտութիւնը ինքնութեան հիմքն է, իսկ ինքնութիւնը կը կառուցանէ անհատը, որն իր կարգին կը պահպանէ գոյութեան իր իրաւունքը: Ինքնութեան պաշտպանումը, հետեւաբար, կը նշանակէ շունչը, ոգին պաշտպանել: Երբ ցանկութիւն կայ մեզի խանգարելու արտայայտուիլ, կը նշանակէ ցանկութիւն կայ մէզի շունչէ, ոգիէ կտրելու: Եւ ասիկա դատապարտելի է ինքնին: Արմենակ Առայժմ Արմենակ Աբրահամեանը ցանկութիւն չէ յայտնած գիտնալու, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ Հայ Ազգային Խորհուրդի պատասխանը նման անմակարդակ մօտեցման, զոր կարելի է միայն ,,Ալա թուրքա,, որակել Ալեքսի Կէօվճեանի հեղինակութեամբ: WAN 2010 թ, Յունուար 23 western-armenia.eu
|
||
azadakrum.org©
Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են:
Կայքում արտահայտված կարծիքները պարտադիր չէ, որ համընկնեն azadakrum.org©
կայքի
խմբագրության տեսակետի հետ: