|
||
|
|
Գլխավոր Մեր Մասին Հայտարարություն Հարցազրույց Ելույթներ Հոդվածներ Լուրեր Ասուլիսներ Կապ | |
|
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Ո՛չ մէկ զիջումի կարելիութի՛ւն. Հայերը իրենց հողային պահանջատիրութեան մէջ աւելի հաստատակամ պէտք է ըլլան, նկատի առնելով թուրքերու’ մէկը միւսին յաջորդող իշխանութիւններու բնաջնջման ծրագիրներուն ենթարկուելու պատճառը: Այս առնչութեամբ ո՛չ մէկ զիջում կարելի է ունենալ. Արեւմտեան Հայաստանը անպայմանօրէն պէտք է ազատագրուի գրաւեալ կարգավիճակէն եւ պատկան իշխանոււթիւններու (Արեւմտեան Հայաստանի) ենթակայ դառնայ: Բռնագրաւուած հողերու ազատագրումը միայն թոյլ կու տայ Թուրքիոյ’ Եւրոպա մուտք գործելու իրաւունք ստանալ, որովհետեւ անկարելի է, որ ան Եւրոպա մտնէ Արեւմտեւան Հայաստանի հողերու գրաւմամբ բեռնաւորուած: Ասկէ զատ, այժմու դիւանագիտական համաշխարհային ելեւէջումները տուեալ քաղաքական ու իրաւական ազդակներու դրդապատճառներով են: Իրապէս ակներեւ է, որ գոյութիւն ունին քաղաքական ուժեր, որոնք յաճախ կը փորձեն թաքուն կերպերով մեզ ընդօրինակել, կողոպտել, արժեզրկել եւ կամ չեզոքացնել մեզ, որով գրեթէ մշտապէս ցեղամոլութեան վնասները կը կրենք, հակառակ որու մեր պահանջքն է պահպանել մեր գոյութեան իրաւունքը եւ որու իբրեւ պատասխան ծայրայեղականներ կ’ անուանուինք. բայց ի՞նչ փոյթ: Ահաւասիկ հինգ տարի է, որ մենք պաշտօնապէս գոյութիւն ունինք եւ օրեցօր կ’ուռճանանք, բան մը, զոր մեզ կ’ամրապնդէ դիմակայելու: Այս առթիւ կը յիշեցնեմ, որ Արեւմտեան Հայաստանի (այսպէս կոչուած Թրքահայաստանի) անկախութիւնը տէ իւրէ (de jure, իրաւականօրէն) ճանչուած էր Ռուսիոյ կողմէ 1917թ. դեկտեմբեր 29-ին. եւ այդ իսկ պատճառաւ է, որ մեր ընտրութիւնները տեղի կ’ունենան այս ժամանակաշրջանին մէջ: Յստակ է, ուրեմն, որ Արեւմտեան Հայաստանի անկախութիւնը արդէն իսկ ճանչուած էր, նախքան որ Արեւելեան Հայաստանի անկախութիւնը ճանչուէր: Կը յիշեցնեմ նաեւ, որ Արեւմտեան Հայաստանը տէ ֆակտօ (de facto) կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է լիակատար եւ ամբողջական Հայաստանի կազմութեան մէջ 1920թ. Սեւրի դաշնագրի համաձայն: Հետեւաբար հարկ է, որ մենք միասնաբար հաստատենք իրաւատէրի’ թէ՛ գոյութեան եւ թէ՛ ինքնորոշման իրաւունքի մեր հանգամանքը, ամուր մնալով մեր դիրքերու վրայ:
ԱՐՄԵՆԱԿ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ Արեւմտեան Հայաստանի լուրերու համար
western-armenia.eu
14.01.10 |
||
azadakrum.org©
Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են:
Կայքում արտահայտված կարծիքները պարտադիր չէ, որ համընկնեն azadakrum.org©
կայքի
խմբագրության տեսակետի հետ: