|
||
|
|
Գլխավոր Մեր Մասին Հայտարարություն Հարցազրույց Ելույթներ Հոդվածներ Լուրեր Ասուլիսներ Կապ | |
|
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՅԵՐՈՒ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ Արեւմտեան Հայաստանի հայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան համար
Յղում՝ Ս. Յ. - 24.04.2010 24 ապրիլի, 2010 Պրն. Ապտիւլլայ Կիւլին, Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահ Նորին գերազանցութիւն Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանի հովանու ներքոյ Ձերդ Վսեմութիւն, Սոյն 2010 թուականիս Արեւմտեան Հայաստանի Հայերու Համագումարը ու անոր Ազգային Խորհուրդը հրապարակաւ կը յայտարարէ, որ իր ժողովուրդը Արեւմտեան Հայաստանի (Թրքահայաստան անուանուած) մէջ ցեղասպանութեան զոհ դարձած է 1894-1923 տարիներու ընթացքին, որոնք ի գործ դրուած են թուրք յաջորդական կառավարութիւններու կողմէ, եւ անոր ժխտումը կը շարունակուի մինչեւ օրս: Ըլլալով բնիկ ժողովուրդ՝ հայերը հպատակեցուած են Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրենց հողերու գրաւումով եւ ենթարկուած են ցեղասպանութեան, զոր ճանչուած իրողութիւն մըն է աշխարհի զանազան պետութիւններու, ինչպէս եւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կողմէ: Հետեւաբար, Արեւմտեան Հայաստանի Համագումարը եւ իր Ազգային Խորհուրդը Թուրքիոյ այժմու նախագահութենէն պաշտօնապէս կը պահանջեն վերջ դնել բնիկ ժողովուրդի մը ոչնչացման ընթացքին՝ պաշտօնապէս ճանչնալով անոր գոյութիւնը ու ցեղասպանական ոճիրը, որուն ենթարկուած է, եւ ձեռնամուխ ըլլալ վերադարձնելու հայոց նախահայրերու հողերը իրենց իրաւատէրերուն, զորս ներկայացուած են Հայ Ազգային Խորհուրդի կողմէ Արեւմտեան Հայաստանի (Թրքահայաստան անուանուած) բնաշխարհիկ հայ բնակչութեանը ուղղուած 1895թ. մայիս 11-ի բարենորոգումներու ծրագրին համաձայն, ինչպէս եւ 2007թ. սեպտեմբեր 13-ին ընդունուած բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու հռչակագրով՝ համաձայն ընդունուած Դաշնագրերու, նաեւ՝ Լա Հէյի Սահմանադիր Ժողովի (1907թ), Եռակի Համաձայնութեան 1915թ. մայիս 24-ի յայտարարութեան, Միացեալ Ազգերու Սահմանադրութեան ու Միջազգային Դաշինքներու համապատասխան: Բազում այլ պետութիւններու օրինակին հետեւելով՝ արդարութիւն հատուցելու կարողութիւնը եւ իր անցեալին հետ հաշտութեան իրականացումը ներկայիս, նոյնիսկ եթէ այդ անցեալը ծանր է տանիլ, մեծ ազգերու քաղաքակրթութեան չափանիշներու մաս կը կազմէ Տիեզերական Խղճմտանքի համաձայն, զոր միջազգային յարգանք կը վայելէ: Այս խնդրագիրը մարդկութեան առջեւ մեր ժողովուրդի գոյութիւնը ու միջազգային իրաւունքներու սկզբունքներու համաձայն արդարութեան իր կամքը կը վկայէ:
Արմենակ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ Հայ Ազգային Խորհուրդի հիմնադիր անդամ |
||
azadakrum.org©
Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են:
Կայքում արտահայտված կարծիքները պարտադիր չէ, որ համընկնեն azadakrum.org©
կայքի
խմբագրության տեսակետի հետ: